2011-08-09 13:06:48

<<Քրիտոնեայ Յոյսի Վկաներ Աշխարհի մէջ>> Azione cattolica - Կաթողիկէ միջազգային շարժումի անդամները կը մասնակցին Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրուան։


Յառաջիկայ 17 օգոստոսի՝ ժամը 18.30-ին, Azione cattolica-ի՝ Կաթողիկէ շարժումի անդամները աշխարհի զանազան վայրերէն, ժամադրուած են Մատրիտի Կուատալուբի Տիրամօր Ժողովրդապետութեան մօտ, մասնակցելու 2011-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրուայ։ Այս առթիւ նախատեսուած է <<Քրիտոնեայ Յոյսի Վկաներ աշխարհի մէջ>> խորագրով հաւաք մը ։ Վերոյիշեալ հաւաքին ներկայ պիտի ըլլան Սպանյիայէն զատ` Արժանթինի, Պուլկարիոյ, Պուրունտիի, Իրաքի, Մեքսիքոյի, Իտալիոյ, Րումանիոյ, Սուրբ Երկրի, Ուկրանիոյ, Վենեզուելլայի եւ այլ երկինրու Azione cattolica-ի անդամներ։
Հաւաքին բացումը կը կատարուի Սպանիոյ Կաթողիկէ շարժումի բարի գալուստի խօսքով, որմէ ետք նախատեսուած է աղօթքի եւ վկայութիւններու պահ մը առաջնորդութեամբ՝ Սիկուէնցա - Կուատալայարայի եպիսկոպոս գերապայծառ Աթիլանօ Րոտրիկէզի։ Նշենք որ 1982-ի հոկտեմբեր 31-ին, ՅՊԲ Սպանիա կատարած առաքելական իր առաջին ճամբորդութեան ընթացքին, այցելած էր նաեւ Կուատալուբի Տիրամօր ժողովրդապետութիւնը։
Երեկոյեան ժամը 8-ին նախատեսուած է Նազարէթի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Ճիաչինթօ Մարգուցցոյի ելոյթը։ Գերապայծառ Մարգուցցոն Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան երիտասարդներու հովուութեան պատասխանատուն է, ու իր այս ելոյթով կը մատնանշուի երիտասարդներու կապը Յիսուսի ծննդավայրին ու այնտեղ ապրող երիտասարդներուն հետ։
Սուրբ Երկրի ներկայացումէն ետք, ամէն խումբ կը ներկայացնէ իր անձնական փորձառութիւնը որուն աւարտին նախատեսուած է խնճոյքի եւ ուրախութեան երեկոյ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.